2016-02-18 09:23:00

Առնուազն 28 սպաննուածներ`Անգարայի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով


Չորեքշաբթի, 17 փետրուարին երեկոյեան, պայթում մը ցնցեց Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարան: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ պայթումին պատճառով սպաննուած է առնուազն 28 քաղաքացի եւ արձանագրուած են տասնեակ մը վիրաւորներ:

Պայթումը տեղի ունեցած է մայրաքաղաքի այն հատուածին մէջ, ուր  տեղակայուած են երկրի զինուած ուժերու կեդրոնակայանը եւ խորհրդարանը:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը պաշտօնական աղբիւրներէ յղում կատարելով կը հաղորդէ, թէ պայթումին հաւանական պատճառը  ականապատուած մեքենայ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.